Խմբագրական – «Պատասխան Հազկերտին» — ամս., «Խօսնակ», Պէյրութ, հ.1-2.2005, էջ

Posted on Փտր 15, 2017 in Uncategorized

Խորագիրը սոյն գրութեան կը թելադրուի մեզի հայրենի մեծանուն գեղանկարիչ,- որ է՛ նաեւ նոյնքան տաղանդաւոր վիպագիր եւ օժտեալ բանաստեղծ,-90-ամեայ Էդուարդ Իսաբեկեանի համանուն պաստառէն, որ կը ներկայացնէ ճակատագրական այն պահը, երբ Վարդան եւ հայոց աւագանին կը պատրաստէին Յազկերտին ուղղելի միահամուռ պատասխանը հայ ժողովրդին:

«Պատասխան Յազկերտին»:

Աւարայրի ճակատամարտին նախադուռն էր այս անկրկնելի ՊԱՀԸ: Մէ՞կ ժամ, մէ՞կ օր թէ ոչ տարիներ ու դարեր ամբողջ, մենք այդ պատասխանն է որ կու տանք համայն մարդկութեան ու մեծատառ ԺԱՄԱՆԱԿ Դատաւորին` զանոնք կոչենք Յազկերտ թէ այլանուն կայսրեր ու ձարեր, այլացեղ խուժաններ եւ դահիճներ, ցեղասպան Համիտներ ու Թալէաթներ, որոնք դարերամբողջ շրջափակեցին Հայը իր օրրանին մէջ, եւ մեզի ուղղեցին իրենց դատավճիռը բռնարարքի, ցեղասպանութեան, բռնագաղթի եւ անվերադարձ տարագրութեան:

Ու մենք, Աւարայրի նախադուռի սեմին կանգնած, ստորագրեցինք մեր «Պատասխան(ը) Յազկերտին»:

Պաստառը իր լրումին հասած է հոգեկան ալեկոծումի հաւաքական ապրումներովը հայոց հոգեւոր եւ աշխարհական մեծանուն դասին` ձեռագիր պատասխանովը եւ հայոց աշխարհի փափկասուն տիկիններու անձնուիրութեան պատկերովը (ԽՕՍՆԱԿի կողքին` այդ հատուածը առանձնացուած):

Այդ պահին կը յաջորդէր Աւարայրի ճակատամարտը, որ հակառակ իր միօրեայ տեւողութեամբ եւ արձանագրած պատերազմական անհաւասար արդիւնքին, իր մէջ կը խտացնէր Հայուն ցեղային լաւագո՛յն յատկանիշը,-այսինքն` վասն հաւատքի եւ հայրենի հողին վրայ ազատօրէն շնչելու եւ մտածելու, զգալու եւ գործելու մեր արդար իրաւունքին տիրացումը:

Միօրեայ ճակատամարտ մը`

-Որմէ ծնունդ կ’առնէր ազգի մը գոյատեւման համար մղուելիք ազատագրական պայքարի ամէ՛ն սրտառուչ շարժում եւ արտայայտութիւն:

-Որուն ցարդ բոցավառող ջահը, բարձր կը պահէ ազգային վեհագոյն գիտակցութիւնը հայ ժողովուրդին, սկսած հայոց մեսրոպագիւտ Այբուբէնէն, որուն հրաշագործ ծննդեան 1600-ամեակը ազգովին նշելու կոչուած ենք բարձրագոյն մակարդակով:

Արդարեւ, առանց Հայ Գիրերու ստեղծումին, պիտի չունենայինք Աւարայրի դիւցազնամարտը, որուն մասնակից զօրագունդերը արժանացան իմացեալ մահով անմահութեան լուսապսակին, սկսած 451 թուականէն մինչեւ այսօր ու վաղը: Իսկական ՅԱՒԵՐԺԱԵՐԹ մը արդարեւ: Ինչո՞ւ:

-Որովհետեւ`հայ մանուկին համար եթէ երբեք առասպել մըն էր Հայկին արձակած նետին ահագնութիւնը, սակայն, Վարդան Մամիկոնեան եղա՛ւ ու կը մնայ պատմական դէմք մը, ճշմարտապէս եւ ո՛չ կարծեօք:

-Որովհետեւ` հայ քաջարի զինուորն ու զօրականը Աւարայրի դիւցազուններէ ոգեշնչւած`մղեցին իրենց հայրենապաշտպան ճակատամարտերը, Նուարսակէն մինչեւ Սարդարապատ եւ Արցախ:

-Որովհետեւ` հայ պատմագիրն ու շարականագիրը, Եղիշէէն մինչեւ Շնորհալի, հայ բանաստեղծն ու վիպագիրը` Ալիշանէն մինչեւ Թէքեան, Ն.Զարեան, Եղիվարդ, եւ վիպագիր Դ.Դեմիրճեան եւ ուրիշներ` Աւարայրով ներշնչուած երկնեցին իրենց ստեղծագործութիւները:

-Որովհետեւ` հայ արուեստագէտներ, գեղանկարիչ, արձանագործ ու երաժիշտ Աւարայրով ոգեշնչուած հարստացուցին հայ մշակոյթին գանձարանը:

Աւարայրը առասպել չէր, այլ` իրականութիւն:

Նոյնպէս` մեր «Պատասխան(ը) Յազկերտին» ուղղուած մերօրեայ «Յազկերտ»ներուն:

Կոչեցէք զանոնք իրենք անուններով եւ ինքնութեամբ, որոնք շրջափակած են մերօրեայ հայրենիքն ու Արցախը:

Ճակատագրական է մեր որոշումը: Որովհետեւ հայոց ցեղասպանության 90-ամեակն է որ կ’ապրինք ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:

Ա.Ս.

Leave a Reply

Ձեր էլ-փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *-ով