Սեփեթճեան Ա. – Էդուարդ Իսաբէկեան արուեստագէտը — «Կամար», Բեյրութ, հ.23, էջ 71, 2015

Posted on Սպտ 26, 2015 in Uncategorized

Հայրենի արուեստագէտ Էդ.Իսաբէկեանի ծննդեան (8 (21) Նոյեմբեր 1914, Իգդիր) 100-ամեակի առիթով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան յոբելենական ցուցահանդէս եւ սիրոյ ու յարգանքի պատշաճ արտահայտութիւններ: Տասնամեակ մը առաջ, երբ մեծ արուեստագէտին ծննդեան 90-ամեայ յոբելեանը կը նշուէր իր խոր ալեւոյթին, նոյնքան մեծաշուք եղան ի պատիւ իրեն ընծայուած համաժողովրդային հանդիսութիւնները, որոնցմէ ամէնէն մնայունը կը նկատեմ յոբելեարին 90-ամեակին նուիրուած բազմարժէք ու կոթողային աշխատասիրութիւն-պատկերագիրքը, հեղինակութեամբ արուեստաբան Մարտին Միքայէլեանի (2004), որ այժմ կը հանգչի գրասեղանիս վրայ, իբրեւ միակ լիակատար աղբիւրը, զոր կրնամ օգտագործել երբ մեծանուն գեղանկարիչին եւ «Իգդիր» ինքնակենսագրավէպի հեղինակ գրագէտին եւ արուեստաբանին մասին արտայայտելու առիթը կը ներկայանայ ստորագրողիս: Ահաւասիկ, բացառիկ հրատարակութիւն մը, որ կը վայելէ ամէն արժանիք եւ առաւելութիւն, իր գեղարուեստական ճաշակով թէ բանասիրական եւ արուեստագիտական գիտելիքներով, եռալեզու (հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն) մեկնաբանութիւններով: Արժանաընտիր երկ մը արդարեւ (264 էջ, 24×30 սմ.) լոյս տեսած 2004-ին, Երեւանի «Անահիտ» հրատարակչութեան «Տիգրան Մեծ» տպարանէն:
Արդարեւ, Իսաբէկեան նկարիչը, իր երկրային կեանքին ապրած 93 տարիներէն գէթ 70-ը, լիովին ընծայաբերեց գեղարուեստական ստեղծագործութիւններուն, նաեւ՝ արդար բաժին մը հանելով հայ գիրի ու գրականութեան, գեղարուեստական-վերլուծական յօդուածներով, եւ յատկապէս՝ իբրեւ ուսուցիչ ու դասախօս արուեստագիտութեան ուսանող տղոց աստղաբոյլին, որոնք յետագային նպաստեցին Խորհրդային Հայաստանի 1960-ական թուականներու գեղարուեստական յառաջապահ մտածողութեան կերտումին՝ իրենց ստեղծագործութիւններու բարձրաճաշակ յօրինումներով:
Բացի գրականութենէն, գեղարուեստի միւս մարզերը չեն հանդիպիր լեզուական պատուարներու յարուցած անըմբռնելիութեան «պատիժ»ին: Գեղանկար կամ քանդակ՝ այս պարագային, առաջին իսկ հայեացքով կը գտնէ ամենազգի իր համակիրներն ու հիացողները, ու կը ստեղծէ իմացական թե զգացական մտերմութիըն մը ակնդիրին հետ:
Մտերիմ կոչուած այս պահերն են, որ զիս կ՚առաջնորդեն խորասոյզ ապրումներու եւ մտորումներու: Անցեալին, գեղանկարչութեան հետ հինաւուրց «ծանօթութիւն» մը հազիւ թե «բարեկամութեան» վերածուած՝ մնացեր անմատչելի՝ «Գաղտնի սիրոյ» մը նման: Արդարեւ, Էդ.Իսաբէկեանի նուիրուած այս պատկերագիրքը, իր գունաւոր ու գեղատիպ վերարտադրութիւններով եւ գրաւոր վերլուծումներու բովանդակութեամբ կը մնան զինք անմահացնող մնայուն բազմարժէք յուշարձան մը:
Բայց նախ ծանօթանանք իր կեանքի ամփոփ գիծերուն:

  • 1914, ծննդավայրը Իգդիր, այդ տարիներուն որքան մօտիկը Երեւանին, սակայն այժմ՝ այնչափ հեռու եւ անմատչելի:
  • 1918-ին ծնողքին հետ կը հաստատուի Երեւան:
  • 1927-1931՝ կ՚ուսանի Երեւանի այժմ Փ. Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանը:
  • 1931-էն կը սկսի մասնակցիլ նկարչական ցուցահանդէսներուն:
  • 1931-1938՝ կ՚աշխատակցի «Պիոներ կանչ», «Աւանկարտ» եւ «Սովետական Հայաստան» թերթերուն:
  • 1935-1941՝ կ՚ուսանի Թիֆլիսի Ակադեմիայի մէջ:
  • 1940-էն՝ անդամ է Հայաստանի Կերպարուեստագէտներու Միութեան:
  • 1945-էն՝ կը դասախօսէ Երեւանի գեղարուեստական ինստիտուտի մէջ:
  • 1947-ին կը բացուի Իսաբեկեանի անհատական առաջին ցուցահանդէսը:
  • 1963-ին կ՚արժանանայ ՀԱՍՀ ժողովրդային նկարիչի կոչումին:
  • 1967-1987՝ կը վարէ Հայաստանի Պետական (այժմ Ազգային) պատկերասրահի տնօրէնի պաշտօնը:
  • 1970-ին կը մասնակցի «Ուրարտուէն Մինչեւ Մեր Օրերը» հայ կերպարուեստի ցուցահանդէսին (Փարիզ):
  • 1994-ին Երեւանի մէջ լոյս կը տեսնէ «Իգդիր» անուն իր վէպը:
  • 2001-ին կը պարգեւատրուի ՀՀ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:
  • 2002-ին՝ կ՚արժանանայ Երեւանի պատուոյ քաղաքացի կոչումին:
  • 2004 Նոյեմբերի 5-ին Հայաստանի Նկարիչներու Միութիւնը եւ Թեքէեան Մշակութային Միութեան կեդրոնական վարչութիւնը միասնաբար կը նշեն 90-ամեայ յոբելեանը բազմավաստակ նկարիչին:
  • 2007-ի Օգօոստոս 20-ին, իր խոր ալեւոյթին կը կնքե իր մահկանացուն:

Մ.Միքայէլեանի յիշեալ հատորին մէջ կը հանդիպինք իր ստորագրած բազմաթիւ յօդուածներուն՝ գեղարուեստի դէմքերու եւ արուեստաբանական հարցերու շուրջ: Իսկ իր մասին՝ այնտեղ գրութիւններ ունեին նաեւ Ռուբէն Դրամբեան, Սերօ Խանզադեան, Հենրիկ Իգիթեան, Ռաֆֆի Յովհաննիսեան, Վահագն Դաւթեան, Մ.Փոցխիշվելի, Արմէն Վարդանեան, Կարէն Սմբատեան, Արմէն Շեկոյեան, Վիգէն Ղազարեան, Մհեր Ա.Իսաբեկեան, որոնք ամբողջութեամբ կը վերականգնեն Արուեստագէտին կեանքն ու գործերը:
Իսաբեկեան գեղանկարիչը
Գեղարուեստական երկի, այս պարագային՝ գեղանկարչութեան մէջ, շօշափելի միակ իրականութիւնը պաստառին գոյառումն է, իբրեւ իրագործում, ուր առկայ է յօրինումին պարտադրած իրականութիւնը, եւ որուն ենթահողը յաճախ նոյնը չէ, այն ձեւով, որ կը ներկայանայ ան: Սակայն, իր այդ գեղեցկութեան մէջ, ան աւելի՛ իրական է ու մնայուն, քան՝ իր ժամանակէն եկած թելադրանքը: Հոս, կարեւորագոյն ազդակը կու գայ ակնդիրին բանական ու մտաւորական պատրաստութենէն, եւ արուեստի տուել գործը ընկալելու եւ մեկնաբանելու եղանակէն:
Իսաբէկեան արուեստագէտին մեծութիւնը կու գայ իր յուզաշխարհէն, հոգին ալեկոծող ամպրոպային տրամադրութենէն, խոր զգայնութիւններէն, սկսած՝ քառամեայ տղեկին պատմական Հայաստանի իր ծննդավայր Իգդիր քաղաքը թողելով, երթալ ու հաստատուիլ նոյնքան սիրելի ներկայ «առարկայական» Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւան, ուր ապրեցաւ ան իր կեանքին 93 տարիները: Իգդիրը մնաց յուշ-յիշատակ, աւերակ երզ մը թերեւս, նման այն պաստառին, որ մնաց անաւարտ…«Հոգեհանգիստ Իգդիրում» խորագրեալ: Վշտահար իր մանկութեան ու պատանութեան ընկեր դարձած «Անհանգիստ Ձիեր» շարքին (1974) պատկանող «Արազի ափին» (տեսնել յիշեալ հատորը՝ էջ 112), «1915 Թիւ Էսքիզը» (էջ 113) եւ «Արաքսի ափին» (էջ 158/9) պաստառները իրարու մօտ բերէք, ու եթե կարող էք, զսպեցէք անզուսպ այդ ձիերը, որոնք կը վերակենդանացնէին իր ժողովուրդին դարաւոր երազն ու տեսիլքը՝ հատելու համար սահման դարձած Արազի ափէն դէպի  Արեւմտահայաստան: Եթե մեր սերունդէն շատեր չտեսան այդ պաստառներուն բնական չափի (70×50 սմ.) իւղանկարները, սակայն մեզի համար դժուար չէ մեր աչքերը յառել պատկերագիրքի էջերուն, ընտրել քանի մը նկար եւ հատուածներ, ու խորանալ անոնց արձակած պատգամին եւ իմաստին մէջ:
Նոյնքա՛ն վսեմ ու գաղափարապաշտ է Իսաբէկեան արուեստագէտը, երբ 1948-ին կը պատրաստէր «Աւարայրի ճակատամարտը» (100×200 սմ.) էսքիզը որմնանկարի համար, կամ «Պատասխան Յազկերտին» (1960, (290×280 սմ.)) մեծադիր պաստառը, որոնք բացառիկ երեւոյթներ են հայ կերպարուեստի ստեղծագործական պատմութեան մէջ: Պատմական յիշողութիւններ վերակենդանացնող այս իրագործումները, մանաւանդ երբ յետադարձ ակնարկով մը մտաբերենք խորհրդային վարչամեքենային պարտադրած կաշկանդումները յատկապէս 1936-1956 քսանամեակին, այն ատեն է որ պիտի գիտնանք իսկական արժէքը հայրենի մեր մեծ արուեստագետներուն ու գրական դէմքերուն կատարած մեծագործութիւններուն… ի գին ամէն զոհողութեան: (Յաւելեալ մանրամասնութիւն չէ արտօնուած արուեստի մեկնաբաններուն, չիյնալու համար հրապարակագրութեան կամ քաղաքական շահարկումի խիստ վտանգաւոր ցանցին մէջ):
Իսաբէկեանի երանգապնակը հարուստ է գոյներու պարգեւած հրաշալիքով: Վրձինը, խրոխտ եւ հատու, նման իր հայեացքին (տեսնել իր «ինքնանկար»ները): Իր դիմանկարներուն մէջ նախ կ՚առանձնացնեմ «Ինքնանկարներ»-ը (տե՛ս թուագրեալ 1 (1939), 4 (1943), 21 (1944), թ.30 (1962), 37 (1964), ժ. 101 (1974), 57 (1974), 121 (1975), 130 (1997)), ապա՝ իր կնոջ՝ նկարչուհի Արփենիկ Նալբանդեանի նկարներուն (թիւ 39, 50, 51), մօրը դիմանկարը՝ թիւ 19 (1944), Հօրը դիմանկարը՝ թիւ 26 (1962), «Մայրս և Ես»՝ թիւ 41 (1983), «Տէր Մովսէս»՝ թիւ 48 (1958), «Դերենիկ Դեմիրճեանի Դիմանկարը»՝ թիւ 32 (1960), «Ակսել Բակունց»՝ թիւ 36 (1960), եւ այս շարքին մէջ հարկ է ընդգրկել բազմաթիւ բնորդուհիներու գեղանկար-դիմանկարները, որոնք իրենց համարձակ գոյներով ու շարժումներով կենդանութիւն կը շնորհեն իւրաքանչիւր կտաւին:
Էդ. Իսաբէկեան իրաւամբ կոչուած է «Հայ նորագույն գեղանկարչութեան նահապետը» (տե՛ս Վիգեն Ղազարեանի յօդուածը, էջ 198-199), հեղինակը, արդար գնահատանքը կ՚ընե Իսաբէկեան «Ուսուցիչ»ին, որուն աշակերտած են Գրիգոր Խանջեան, Սարգիս Մուրադեան, Նիկոլայ Քոթանջեան, Վահան Խորենեան եւ այլ նկարիչներ:
Առաւել, Էդ. Իսաբէկեան 70-ամեայ Խորհ. Հայաստանի ոչ միայն երկրորդ կէսին, ու ներկայիս՝ մինչև 2007 իր շիջումը, էր ամէնէն դասական ներկայացուցիչներէն իբրեւ գեղանկարիչ, այլեւ՝ գիրքերու զարդանկարչութեան բացառիկ դէմքերէն: Յիշել՝ Դերենիկ Դեմիրճեանի «Վարդանանք» եւ Սերօ Խանզադեանի «Մխիթար Սպարապետ» պատմավէպերը Յ.Թումանեանի «Թմկաբերդի առումը» պոէմը և այլք:
Գեղանկարչութեան արուեստին ստեղծագործողները կը բաժնուին երկու հիմնական խմբերու: Առաջինը կազմուած է միայն գեղանկարիչներէ, որոնց համար «կտաւ»ին միակ արժանիքը գեղարուեստի յաջող իրագործումն է: Երկրորդ խումբին մէջ կը գտնենք «իմացապաշտ գեղանկարիչ»ը, որ կը մեկնաբանէ անհատական թէ հաւաքական շրջանի մը կամ դէմքերու ներաշխարհը, հարուստ՝ գեղարուեստական յագեցուածութեամբ եւ հարազատ արտահայտչութեամբ: Էդ.Իսաբէկեան կը պատկանի Բ. խումբին, եւ իր մէջ կ՚ընդգրկէ նաեւ արուեստաբանն ու գրողը, արձակագիրը:
Արձակագիրը
Հոս է որ պիտի բանանք էջերը «Իգդիր» վիպասքին: Գիրք մը՝ որուն հեղինակը մեզի ծանօթ խորհրդահայ վաստակաշատ գրող մը չէ: Հեղինակ մը՝ որ օժտուած համահաւասար արժանիքներովը իր սերունդէն այն սակաւ ընտրեալներու, որոնք ստորագրեցին «Երկիր Նայիրի» (Ե.Չարենց), «Կէօրէս» (Ա.Բակունց), «Այրուող Այգեստաններ» (Գ.Մահարի) վէպերը: «Իգդիր»ին հեղինակը գեղանկարիչ մըն էր, որ յանդգնեցաւ յայտնուելու այդ եռեակի կողքին, տուաւ իր ծննդավայր քաղաքին ոդիսականը, վերակենդանացուց նախորդ սերունդին կատարած արիութեան բազում արարքներ, եւ ամբողջութիւնը ստացաւ, ձայնակցելով Արմէն Շէկոյեանին՝ «Աւետարան ըստ Իսաբէկեանի» խորագիրը (նշուած գիրքը՝ էջ 196):
Իգդիր վէպը (280 էջ) կը ներկայացնէ 20-րդ դարու նախաեղեռնեան իրադարձութիւնները, որոնք տեղի ունեցած են պատմական Հայաստանի Իգդիր քաղաքին մէջ ու շրջակայքը: Հեղինակին ընտանեկան յուշերը միախառնուած իր մանկութեան յուշերուն, մեզի կը ներկայանան իբրեւ ինքնակենսագրավէպ, զոր գրի առած էր 1975-1983 թուականներուն: Ամսագրային տաբերակը լոյս տեսած է 1988-ին «Սովետական Գրականութիւն» ամսագրին մէջ (թիւ 7) իսկ առանձին հատորով՝ 1994-ին: Գիրք մը, որ արժանի է գրականագէտներու յատուկ ուշադրութեան:
Էդ.Իսաբէկեան արուեստագէտին ընտանիքին անդամներէն, յատկապէս գեղանկարիչ Արամ Իսաբէկեան, արժանաւոր յաջորդն է, որ կը շարունակէ գեղարուեստական ժառանգութիւնը իր արուեստագետ հօր, հանդիսանալով առաջիններէն՝ հայրենի ժամանակակից գեղանկարչութեան արժանաւոր ներկայացուցիչներէն:
Ահաւասիկ Մարդն ու Արուեստագէտը, որուն ծննդեան 100-ամեակը առիթ կու տայ զինք վերստին ողջունելու իր յաւերժաերթի ճանապարհին:

Leave a Reply

Ձեր էլ-փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *-ով