Մախեան Վ. — Նկարիչ հայոց պատմության մեջ — թերթ, «Արարատ», 02.08.1988

Posted on Հնս 15, 2015 in Uncategorized

Նկարիչ հայոց պատմութեան մէջ


Հայկական ԽՍՀ ժողովրդական նկարիչ Էտուարդ Իսաբէկեանը մեր հին վարպետներու արժանի ժառանգն է, իրապաշտ ուղիի մէջ կարեւորը որը յատկանշական է մեր մեծերու հինին եւ նորին կեղծիքէ հեռու մնալն ու առողջ ձեւով զայն ներկայացնելն է եւ նկարիչի մօտ չափազանց իւրայատուկ է գոյնային յարաբերութիւններու խիստ ինքնատիպութիւնը, այդ է պատճառը որ ընդհանրացումներ կան նոյնիսկ իր ամենափոքր էսքիզին մէջ:
Արուեստագէտը գեղեցիկին եւ վեհին հասնելու ձգտումին չարի ու բարիի պայքարի ժամանակ հոգեբանական բարդ եւ պայծառ վայրկեաններ կ՛ապրեցնէ մեզ, կը վերյիշենք մեր ժողովուրդի պատմութիւնը հեքիաթներով, էպոսենորվ, ազգի վիշտն ու ցաւը, խնդութիւնը եւ գոյատեւելու ուժի յաղթանակը:
Ազգային նկարիչ կերպարի յղկումը եկած է մանկական տարիքէն.հայկական իգդիրը տպաւորած է: Իրեն քաղաքը մնաց Արաքսի ափի միւս կողմը: Յիշողութիւնները բերաւ հետը:
Իսաբէկեանէն վերյիշենք մի քանի նկար «Դաիթ Բէկ», «Աւարայրի ճակատամարտ», «Պատասխան Հազկերտին», «Պատանի Դավիթ», «Հաղբատի Գիւղացիներու Ապստամբութիւնը», «Ակսել Բակունց», «Դերենիկ Դեմիրճեան», «Հարսանեաց Երթ Կողբից Իգդիր» եւ այլ ստեղծագործութիւներու մէջ արուեստագէտը սոսկ ազգային վերնագրերչէ, անիկա անցած է ազգային հարուստ ուղի, իր նկարչութիւնը ըմբոստ է, հպարտ եւ յիշողութեան մէջ պահելով ժողովուրդի պատմութիւնը քնաներ, հիւսած է ժողովուրդի հոգեբանութիւնը, բնապատկերներուն մէջ նոյնիսկ երգած է ազգի երգը:
Է.Իսաբէկեանը հայոց պատմութիւնը նկարելով իր արժանավայել տեղը գտաւ հայկական նկարչութեան պատմութեան մեջ:

 

 

 

Leave a Reply

Ձեր էլ-փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *-ով