Դավթյան Տ. — Պտոյտներ Հայաստանի Մշակոյթի Գանձարաններուն Մէջ – Լ – Իր Գրիչը Նոյնքան Կրքոտ Ու Զգայուն Է, Որքան Իր Վրձինն Ու Մատիտը. Էդուարդ Իսաբեկեան Ցուցասրահ — օրաթերթ, «Զարթօնք», Լիբանան,  06.03.2018

Posted on Մրտ 7, 2018 in Uncategorized

Գրածս բանաստեղծութիւնները, ինչպէս նկարներս,
չունեն թիւ–թուական, եւ մէկին եթէ թուան անախրոնիկ,
շատ կը սխալուի…
Էդուարդ Իսաբեկեան

      Էդուարդ Իսաբեկեան 20-րդ դարու երկրորդ կէսի հայ կերպարուեստի վառ ներկայացուցիչներէն է: Մեծ է իր ներդրումն ու վաստակը հայ գեղանկարչութեանեւ գծանկարչութեան բնագաւառէն ներս: Մեծանուն վարպետը ծնած է 1914 թուականի Նոյեմբեր 8-ին Երեւանի նահանգի Սուրմալու գաւառի Իգդիր քաղաքը(այժմ՝ Թուրքիա)։ Հայրը՝ Հմայեակը, կը զբաղէր հողագործութեամբ եւ առեւտուրով, մայրը տնային տնտեսուհի էր։ 1918 թուականին Իսաբեկեաններու ընտանիքը կըգաղթէ եւ երկու ամիս Էջմիածին մնալէ ետք կը հաստատուի Երեւան։
       2005 թուականէն բնակած է Աշտարակ։ Իսաբեկեանին նուիրուած են ստուարածաւալ բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ, յօդուածներ ումենագրութիւններ։ Հայաստանի ազգային պատկերասրահը յատուկ սրահյատկացուցած է Էդուարդ Իսաբեկեանի աշխատանքներուն մշտական ցուցադրման համար (այստեղ կը գտնուին Իսաբեկեանի աշխատանքներէն 121-ը)։ Իրգեղանկարչական աշխատանքները կը պահուին աշխարհի բազմաթիւհեղինակաւոր թանգարաններու ու մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ։ Նկարահանուած են Իսաբեկեան արուեստագէտը ներկայացնող տասնեակ ֆիլմեր։ Էդուարդ Իսաբեկեան ցմահ ընտրուած է «Իգդիր» հայրենակցական միութեան պատուաւոր նախագահ։
      Էդուարդ Իսաբեկեանի ձգած ստեղծագործական ժառանգութիւնը հայ արուեստի պատմութեան ինքնատիպ էջերէն է: Իսաբեկեանի նկարիչ-անհատականութեան կայացման գործին մէջ կարեւորագոյն դեր խաղացած է ինչպէս եւրոպական, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի ազգային արուեստի աւանդոյթներու իմացութիւնը: Հաւատարիմ մնալով դասական արուեստի սկզբունքներուն՝ արուեստագէտը ստեղծած է իր ուրոյն ձեռագիրը: Իր նկարներուն մէջ շունչ եւ կեանք կը ստանանոչ միայն մարդիկ, այլեւ բնութեան տարրերը, առարկաները եւ ճարտարապետական բեկորները: Մեծանուն վարպետը մահացած է 2007-ի Օգոստոս 17-ին: Իր մարմինըայժմ կը հանգչի Երեւանի Կոմիտասի անուան Պանթէոնը: Իր ստեղծագործական կեանքի ընթացքին, աշխատելով տարբեր ժանրերով, արժանանալով տարբեր կոչումներու եւ պարգեւներու` տաղանդաւոր գեղանկարիչը վաստակած է իր արուեստի ամենաարժանի պարգեւը` իր հարազատ ժողովուրդին բարձր գնահատականը: Երեւանի քաղաքապետարանը Էդուարդ Իսաբեկեանի կենդանութեան օրօք կ’որոշէ ստեղծել անոր աշխատանքներուն մշտականցուցադրութեան սրահ, որ դարձաւ <<Զարթօնք>>-ի այս շաբաթուան կանգառը: Ցուցասրահի հիմքը դրուած է է 2004 թուականին, բացումը տեղի ունեցած է 2013 թուականին։ Էդուարդ Իսաբեկեանի որդին՝ Արամ Իսաբեկեանը, Երեւան քաղաքին նուիրաբերած է Էդուարդ Իսաբեկեանի մշտական ցուցադրութեան ներկայացուած գունանկարչական յայտնի կտաւներէն 28-ն: Ցուցասրահի բացումէն ի վեր անոր գործունէութիւնը կը ղեկավարէ Իրինա Իսաբեկեանը, որ սիրով համաձայնեցաւ մեզ ընդունիլ:
       «Զ.» – Տիկին Իրինա, կ‘ըսէ՞ք՝ ո՛ւր ծնած է Էդուարդ Իսաբեկեան, ե՞րբ դրուած են իր ստեղծագործութեան առաջին քայլերը:
      «Ի. Ի.» – Էդուարդ Իսաբեկեան ծնած է Երեւանի Սուրմալու գաւառիԻգդիր քաղաքը 1914 թուականի Նոյեմբեր 8-ին: Չնայած Իսաբեկեանը կը պնդէ, որ ծնած է 1913 թուականին: Հայրը՝ Հմայեակը, կը զբաղէր հողագործութեամբ եւ առեւտուրով, մայրը տնային տնտեսուհի էր։ 1918 թուականին Իսաբեկեաններու ընտանիքը կը գաղթէ եւ երկու ամիս Էջմիածին մնալէ ետք կը հաստատուի Երեւան։ Իսաբեկեան իր օրագիրերուն մէջ միշտ նշած է, որ դեռ փոքր տարիքէն շատ սիրած է աւազէն բաներ պատրաստել, ինչը կարելի է համարել իր ստեղծագործութեան սկիզբը: Դեռ դպրոցական տարիներուն ուսուցիչները զինք կը յանձնարարէին թերթեր ձեւաւորել, նկարազարդել, եւ Իսաբեկեան կը պատմէ, որ ասիկա դրդած է զինք դէպի նկարչութիւն: Այնուհետեւ սորված էԵրեւանի «Գեղարդ» ուսումնական հաստատութեան մէջ, ուր զինք դասաւանդած են Սեդրակ Առաքելեանը, Վահրամ Գայֆէճեանը (գեղանկարիչ), Գոհար Ֆերմանեանը (գծանկարիչ)։ Կարելի է ըսել, որ այս դասախօսները շատ լաւ հիմք դրած են Իսաբեկեանի նկարչական կեանքին: Սորված է նաեւ Թիֆլիսի գեղարուեստի ակադեմիային մէջ։ Առաջին երկու տարիներուն յաճախած է գծանկարչութեան բաժին, այնուհետեւ տեղափոխուած է գեղանկարի բաժին՝ Կոտէ Գզելիշուիլիի ղեկավարութեամբ։ Աւարտական աշխատանքի թեման եղած է «1903 թուականի Պաթումի բանուորներու ցոյցը»: Այդտեղ հանդիպած է իր ապագայ կնոջ։ Աշխատակցած է «Փիոներ կանչ», «Աւանգարդ» «Սովետական Հայաստան» խմբագրութիւններուն՝ որպէս նկարիչ` նկարազարդելով նաեւ տօնական համարներու առաջին էջերը: Այդ տարիներուն ծանօթացած է շատ կարեւոր մարդկանց: Անձամբ շփում չէ ունեցած անոնց հետ, բայց երկրպագած է Ակսել Բակունցին: Բակունցը, Չարենցը իրեն համար պաշտելի անձնաւորութիւններէն եղած են: Մինչեւ իր կեանքի վերջը իր օրագիրերուն մէջ Իսաբեկեան միշտ յարգանքով յիշած է անոնց մասին: Այնուհետեւ ՀԽՍՀ կոմկուսի կողմէ գործուղղուած է գործող բանակ` 89-րդ հայկական հրաձգային զօրամիաւորում: Իսաբեկեան շատ հետաքրքրական գրառումներ եւ նկարներ ունի այդ ժամանակաշրջանին նուիրուած:
       «Զ.». – Ստեղծագործական ի՞նչ գործունէութիւն ծաւալած է: Ի՞նչով յայտնի են իր ստեղծագործութիւնները: Ի՞նչ ֆիլմեր նկարահանուած են Իսաբեկեանի մասին:
       «Ի. Ի.» – Իսաբեկեան բազմաժանր նկարիչ է։ Ստեղծած է գեղանկարչական մեծածաւալ ու բարձրարժէք կտաւներ, դիմանկարներ, բնանկարներ, գծանկարչական, թեմայական-յօրինուածքներ, գիրքի ձեւաւորումներ։ Էդուարդ Իսաբեկեանի արուեստի հիմքը մարդասիրութիւնն ու խոր հայրենասիրութիւնն է, իսկ ոգեշնչման ակունքները՝ հայաշունչ գաղափարները, որոնք իր գործերուն մէջ արտայայտուած են Սասունցի Դաւիթի, Ծովինարի, Սանասարի, Պաղտասարի, Դաւիթ Բեկի, Սայաթ-Նովայի, Ակսել Բակունցի, Թամանցիներու եւ ազգային ուրիշ մեծերու կերպարներով։ Հայրենական մեծ պատերազմի տարիներուն պատկերած է սովետական մարդու հերոսական կերպարը («Մարտ քաղաքի համար», «Թանիա», հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարը: Իսաբեկեան Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եղաւ թեմայական-յօրինուածք ժանրի հիմնադիրը։ Իր արուեստի հիմքը ազգի անցեալն ու ապագան են, ժողովուրդի խրոխտ կեցուածքն ու հիացական ներուժը։ Այդ ժանրի իր գործերը հայ սովետական կերպարուեստի նուաճումներէն են։ «Պատանի Դաւիթ», «Հաղպատի գիւղացիների ապստամբութիւնը 1903-ին», «Պատասխան Յազկերտին» եւ ուրիշ կտաւներ աչքի կը զարնեն իրենց կոթողային արտայայտչականութեամբ, ուժեղ յօրինուածքով, քաղաքացիական հնչեղութեամբ։
        Հայաստանի բնութեան, հնադարեան բերդերու եւ տաճարներու վիպական նկարագիրը Իսաբեկեանի բնանկարներու բովանդակութեան առանցքը կը կազմեն. «Տաթեւի ձորում» (1959), «Եզները ջրանցոյց կամրջի մօտ» «Խնձորեսկ»։
       Գեղանկարչական յագեցուածութեամբ կը բնորոշուին «Հորովելը», «Ջրհորի մօտ» «Չվերադարձան», «Ծառերի շուաքում», «Արտաւազդի մահը»։ Լայն ճանաչում գտած են Դերենիկ Դեմիրճեանի «Վարդանանք» եւ Սէրօ Խանզադեանի «Մխիթար Սպարապետ» վէպերու նկարազարդումները։ Հեղինակ է գծանկարներու, նկարչուհի Արփենիկ Նալպանտեանին նուիրուած գծանկարչական շարքերու։
Իսաբեկեանի մասին շատ ֆիլմեր նկարահանուած են: Շարք մը ֆիլմեր նկարահանուած են բեմադրիչ Նորա Մուրատեանի կողմէ: Իսաբեկեան բազմակողմանի տաղանդով օժտուած եւ զարգացած մարդ եղած է, ունի բազմաթիւ յօդուածներ տարբեր թերթերու մէջ, աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է քաղաքական կեանքին: Եղած է Հայաստանի ազգային պատկերասրահի տնօրէնը, հիմնած է պատկերասրահի մասնաճիւղերը Հայաստանի զանազան շրջաններու մէջ:
       «Զ.» – Ե՞րբ հիմք դրուած է Էդուարդ Իսաբեկեան ցուցասրահին:
       «Ի. Ի.» – Ցուցասրահի հիմքը դրուած է Իսաբեկեանի 90 ամեակին` 2004 թուականին, երբ ժամանակի վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեան այցելեց Իսաբեկեանի ցուցահանդէսը եւ ըսաւ, որ անպայման պէտք է անոր անունով ցուցասրահ ըլլայ Երեւանի մէջ: Արդէն 2013 թուականին բացուեցաւ այս ցուցասրահը Անդրանիկ Մարգարեանի որդիին՝ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի կողմէ: Իսաբեկեան մահացաւ 2007-ին Աշտարակ: Շատ կը սիրէր Աշտարակի գինին: Աչքերուն կուրութեան պատճառով կեանքի վերջին տարիներուն վերջնականապէս հաստատուեցաւ Աշտարակ:
       Իսաբեկեանի ստեղծագործութիւնները կը ցուցադրուին ցուցասրահի երկու յարկերուն վրայ։ Վերնայարկի շրջանաձեւ սրահին մէջ կան Իսաբեկեանի վիպական շունչով մեծածաւալ կտաւները. նկարիչի հայեացքը պատմութեան էջերէն ներկային կը փոխանցէ ուժի, առնականութեան, հպարտութեան ու յաղթանակի անցեալի ոգին։
      «Զ.» – Ի՞նչ միջոցառումներ եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններ կըկազմակերպուին ցուցասրահին մէջ:
      «Ի.Ի.» – Իսաբեկեան ցուցասրահը աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ Երեւանի մշակութային կեանքին։ Ցուցասրահէն ներս կը կազմակերպուին միջոցառումներ, դասախօսութիւններ, հանդիպումներ: Այդ միջոցառումները սկիզբ առած են «Իսաբեկեանը եւ իր ուսանողները» շարքային ցուցահանդէսէն, որովհետեւ Իսաբեկեան մանկավարժական 60 տարուան գործունէութիւն ծաւալած է եւ ունեցած է բազմաթիւ տաղանդաւոր ուսանողներ: Այս միջոցառումները կը միտին բացայայտելու Էդուարդ Իսաբեկեանը՝ որպէս նկարիչ, մանկավարժ, գրող, սրտացաւ քաղաքացի եւ գլխաւորը՝ հայրենասէր որդի։
        Ցաւօք սրտի, այսօր մեր պայմանները թոյլ չեն տար մեծածաւալ միջոցառումներ կազմակերպել, որովհետեւ շէնքը վերանորոգման կարիք ունի: Պատերու վատ վիճակին պատճառով չենք կրնար նկարները փակցնել, բայց մենք մեր յոյսը չենք կորսնցներ եւ կ’որոշենք այս տարի եւս մասնակցիլ «Թանգարանային գիշեր» ծրագիրին՝ ներկայացնելով Իսաբեկեանի դեռ չցուցադրուած նկարներէն:
      «Զ.» – Ի՞նչ համագործակցութիւն ունիք սփիւռքի հետ:
      «Ի.Ի.» – Սփիւռքի հետ դեռեւս համագործակցութիւն չունինք, բայց միշտ ալ այցելուներ կ’ունենանք սփիւռքէն: Ցուցասրահի այցելութիւններու մատեանին մէջ այդ մասին բազմաթիւ հետաքրքիր վկայութիւններ կան: Ունինք նաեւ «izi.TRAVEL» յաւելուածը, որ հնարաւորութիւն կու տայ անվճար ծանօթանալ ցուցասրահէն ներս ներկայացուած նկարներուն:
Շատ ծրագիրներ ունինք, բայց, ցաւօք սրտի, պայմանները թոյլ չեն տար զանոնք իրականացնելու: Էդուարդ Իսաբեկեան ցուցասրահը ժամանակին եղած է մշակութային հանդիպումներու վայր, ուր տեղի ունեցած են գրական-երաժշտական երեկոներ, բանախօսութիւններ եւ այլն: Միջոցառումներ կարելի է կազմակերպել, եթէ համապատասխան եւ ապահով պայմաններ ըլլան:
        «Զ.» Ցուցասրահին մէջ հարուստ հաւաքածոյ ներկայացուած է տաղանդաւորնկարիչի մասին, բայց շէնքի անմխիթար պայմաններու պատճառով դժբախտաբարկը խամրի այդ հաւաքածոն: Տիկին Իրինան ցոյց կու տայ անձրեւաջուրերուհետեւանքով խունացած եւ վնասուած պատերն ու առաստաղը: Յիշեցնեմ, որցուցասրահը կը գտնուի Երեւանի Մաշտոց պողոտայի 7ա հասցէին վրայ։ Չնայած պայմաններուն, ցուցասրահը սիրով կը սպասէ իւրաքանչիւր այցելուի:

http://ragmamoul.net/hy/news-in-english/articles/2018/03/06/պտոյտներ-հայաստանի-մշակոյթի-գանձարա-29/

Leave a Reply

Ձեր էլ-փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *-ով