Թորանյան Թ. — Անմար կարօտի տարեգիրը — ամս., «Գարուն», Ե., հ.1, 1995

Posted on Փտր 15, 2017 in Uncategorized

Մեր պատմութեամբ եւ ներկայով սնած գեղանկարիչ Էդուարդ Իսաբեկեանը, պաստառի բերած է պատմական ու ժամանակակից դէպքերն ու դէմքերը:
Երբեք զարմանալի չէ, որ արուեստագէտ մը ձգտի վառ պահել իր ժողովուրդին յիշողութիւնը:
Ահա թէ ինչո՛ւ, «Իգդիր» վէպը մեհենագրած է Էդուարդ Իսաբեկեանը:
Կը յիշեմ, ուրեմն, կ’ապրիմ ու կ’ապրեցնեմ: Ահա սկզբունք մը, որ կրնայ սնուցանել մեր սերունդները` արուեստի ճամբով:
Ատենին, հայ ընթերցող հասարակութիւնը իր զարմանքին ընդխառնեց բերկրանք, երբ իր սեղանին ունեցաւ արձակ երկերը մեծագոյն դերասան Վահրամ Փափազեանին:
Դերասան ու արձակագի՞ր, այո՛, եւ հաւասար մեծութեամբ:
Իսկ այսօր, յամի տեառն 1994ին, հայ ընթերցողին կը մատուցուի նոր գիրք մը, «Իգդիր» խորագրեալ, որուն հեղինակը ոչ այլ ոք է, եթէ ոչ վրձինի վարպետ գեղանկարիչ Էդուարդ Իսաբեկեանը: Այրող կարօտի գրականութեան ցնցիչ մէկ պատկերը արդարեւ:
Աստուա՜ծ իմ, ի՜նչ գրիչ: Կարօտի լեռները շալկած այս մարդը, այրումով գրուած այս գիրքը, արիւնով գրուած այս գիրքը ինչպե՞ս պահած է իր հոգիին խորը ամբողջ ութսուն տարի. ինչպէ՜ս պահած է ու չէ մոխրացած:
Իրաւ մորենի:
Իգդիրը, որ այսօր մերը չէ եւ Մերն է, սոսկական, ծննդավար մը չէ Իսաբեկեանին համար: Իգդիրը հող հայրենին է, հայ մշակին արօրին խոփովը հերկուած, հայ գիւղացիին քրտինքովը շաղախուած եւ տխուր օր մը շաղախւած նաեւ հայ մարդուն արիւնովը, որ օտարին համար շատ աժան է եղած միշտ, իսկ մեզի համար` ամէն բանէ վեր, թանկագին հայրենիք, զոր պաշտպանել ուխտած էին Իգդիրի երիտասարդները, մաուզեր ի ձեռին, եւ այդ պատճառաւ ալ մերթ կոչուած մաուզերիսթ, եւ այդ անուանումին իսկ պատճառաւ Արազի միւս ափը անցնելէ ետք, այդ ալ պարտադրաբար, արժանացած Սիպիրի սառնամանիքին:

Կարծէք, հայրենիքը պաշտպանելը յանցագործութիւն եղած ըլլար:

Կասկած չունիմ, որ Էդուարդ Իսաբեկեանի «Իգդիր» վէպը կարդացող իւրաքանչիւր հայ, վէպին վերջին խօսքին աւարտին ինքզինք իգդիրցի պիտի զգայ:

Այդպէս պատահեցաւ ինծի հետ: «Իգդիր» վէպին ընթեցումէն ետք ես դարձայ իգդիրցի:

Այո՛, սիրելի ընթերցող, կարդա՛ կարօտի այս գիրքը եւ գիտցիր թէ արժանապատվութիւնդ զօրացնող քաղաքացիութեամբ մը պիտի օժտուիս, դառնալով հայրենակիցը Իգդիր քաղաքին մէջ ծնած Էդուարդ Իսաբեկեանին:

Իգդիր: Այնքան մօտիկ այսօրուան փոքրացուած Հայաստանին եւ այնքան հեռու՜, ինչպէս մեր ափին մէջ երեւացող Արարատը: Իգդիր, քարընկեց մը հեռու մեր այժմու պարտադրեալ սահմանէն: Արաքսի ափէն միայն 10-15 քիլոմեթր հեռու, իսկ եթէ Երեւանի Արարատ գինիի գործարանէն, անցնելով հնամենի քարուկիր կամարակապ կամուրջէն ուղղուիք դէպի Մարգարայի՝ Հայաստանը Պատմական Հայաստանին միացնող կամուրջը, ձեր սեփական ինքնաշարժով, արդէն միայն մէկ ժամ ետք, կանգ կ’առնէք Իգդիրի դարպասներուն առջեւ:

Իգդիր: Հող հայրենի: Որուն վրայ ծնունդ առած մեր զաւակները, այսօր հասած իրենց իններորդ տասնամեակի սեմին, մատներու վրայ կը հաշոււուին այլեւս: Մատներու վրայ:

Բայց ահա, «կորսուած» Իգդիրը, այսօր մեզի կը վերադարձնէ Էդուարդ Իսաբեկեանը, ինչպես մեր «կարսուած» Սասունը մեզի վերադարձուց գրող Սիմոն Սիմոնեանը, իր «Լեռնականներուն Վերջալոյսը» գիրքով, կամ ինչպէս Համաստեղը մեզի բերաւ Խարբերդի ոսկեղէն դաշտերուն երանգը` իր «Գիւղը» եւ «Անձրեւը» անկրկնելի գործերով:

Ու հիմա, թող խօսի ինքը, հեղինակը այս գիրքին. ի՞նչ էր յանցանքը Իգդիրին.

«Բայց դու իսկապէս որ յանցանք չունեիր: Քո միակ յանցանքը, սխալը այն էր, որ քո հողածածկ տների կտուրների տակ… հայեր էին ապրում, ինչպէս հազարաւոր քեզ նման շէների, քաղաքների, որոնք նոյնպէս, առանց յանցանքը պարզելու, կանգնեցրին պատի տակ»:

Այսպէս ուրեմն, գաղթեց իգդիրցին, ինչպէս արագիլները կը գաղթէն: Բայց արագիլը կը դառնայ իր բոյնը: Իգդիրցիներուն արգիլուեցաւ արագիլներուն ունեցած ազատութիւնը. հակառակ այն իրողութեան, որ. «Չէ՞ որ տարերային ոչ մի աղէտ, ոչ ջրհեղեղը, ոչ երկրաշարժը, ոչ մի գերբնական ուժ չի կարող տեղահան անել մարդուն իր շինած բնից»:

Եւ ճիշդ այս պատճառաւ.

«Դու ինձ համար երազում տեսածի նման բան ես թւում, եւ ես քո մասին աւելի շատ լսելեմ, քան տեսել, բայց ինչու՞ չես չքւում երազի նման եւ մխում ես մեջս թաց ցախի պէս: Հին վերքի նման նստել ես հոգուս ծալքերում եւ մարմանդ կրակի նման այրում, մորմոքում ես: Ի՞նչ պատահեց, ինչու՞ քեզ այդպէս անփառունակ հողը դրեցին ու պապանձուեցին…»:

Երբ. «Հայ անունը կրող ամենապերճախօս զաւակն էլ չի կարող բացատրել, թէ ինչու էր այդպէս յաճախ արեւի խաւարում լինում մի երկրում, որտեղ արեւը տարուան մէջ տասներկու ամիս չէր իջնում երկնակամարից»:

«Իգդիր» գիրքին ներդիր առաջին էջին վրայ գրուած է՝ «Վէպ»: Մեր ըմբռնած իմաստով վէպ մը չէ այս մեկը ուր մէկ քանի կամ տասնեակներով հերոսներ կը դառնան կերպար եւ գործողութիւններ կը զարգացնեն գիրքին ամբողջ երկայնքին:

Այս գիրքին մէջ ներկայացուած բոլոր իգդիրցիները անձնապէս եւ հաւաքաբար հերոսներ են: Այս գիրքին հերոսը ժողովուրդն է իր Տեր Մեսրոպ նուիրեալ քահանա,հայրով մինչեւ Իսաբէկը, որուն անունով կոչուեցան Իսաբեկեանները, մնիչև Բանաւշա տատը (պարսկերեն անուն զոր հայերէնով կը թարգմանենք` Մանուշակ), մինչեւ ուստաբաշի Աւետիսը, Եփրեմ կակոն, Գարեգինը, Հայրապետը, Մամիկոնը, Հմայեակը, Վլասը, որ գարեջրի գործարան ունէր, Ովսաննան, Նունէն, Մանէն, բոլորը, բոլորը:

Հեղինակը, թէեւ փոքր տարիքէն հեռացած է իր ծննդավայրէն, բայց ինչպէս ժողովուրդը կը սիրէ ըսել, իր հինգ մատներուն պէս գիտէր Իգդիրն ու անոր բնակիչները:

Գիտէ անոր բարբառը, որ շատ մօտ է Վանի բարբառին:

Գիրքին բոլոր էջերուն վրայ հեղինակը երկխօսութեան նստած է իր ծննդավայրին հետ եւ միշտ դիմած անոր «Սիրելիդ իմ Իգդիր» զեղումով: Իսաբեկեանը, այնքան մտերմօրեն դիմած է իր հայրենի քաղաքին, որ այս գիրքը կրնանք կոչել «Ի խորոց սրտի, խօսք ընդ Իգդիրի»: Եւ սխալած չենք ըլլար:

Քուն թե արթմնի, բոլոր տասնամեակներու երկայնքին, Իգդիրը հեղինակին շրթներուն վրայ է, սիրտին մէջ, հոգիին խորը, մտածումներու թեւերուն:

Ահա թե ինչու. «Ես իգդիրցի եմ ոչ թէ 14 թուից, երբ ծուեցի քո հողին, եւ ոչ էր 1928 թուից… ես իգդիրցի եմ այն օրից, երբ յարգարժան Նոյը, քո առաջին բնակիչը, տնկեց խաղողի որթը քո արեւակող բլրի լանջին, որ հիմա էլ կայ, կողքիդ է… Ինձ բուժել է պետք, բայց գիտեմ, որ բուժում չկայ: Ինձ Լոխման հեքիմն էլ, Ամիրտովլաթն էլ չեն օգնի, ինձ իմ օրօրոցաչափ հողը կարող է բուժել, որին չեն փոխարինի աշխարհի համայն հողերը եթէ ինձ տան…»:

Կրնա՞նք խորաչափել հայրենի հողին սէրը հեղինակին մօտ երբ ան այսպէս կը շարունակէ իր մտորումները. «Իսկ ո՞վ կը տայ ինձ այդ մի պատառ հողը… Ոչ ոք: Հողը, ջրից բացի, արիւն է սիրում երեւի… Օ՜, նամանավանդ մեր հողը վիշապի ախորժակ ունի, չի կշտացել եւ չի կշտանայ երեւի մինչեւ… բայց, սիրելիս, ինչպէ՞ս, որտե՞ղ կը հրամայես տամ, թափեմ արիւնս, քանի չի մակարդուել…»:

Գեղանկարիչ-արձակագիրը երբ կը գրէր այս գիրքը, արդեն 70 տարեկան էր: Իսկ գործը տպագրուեցաւ 80 տարեկանին: Այս տարիքին ալ, ան պատրաստ է իր արիւնը տալու իր հայրենի քաղաքին` Իգդիրի համար: Ահա անչափելի չափը իր հայրենասիրութեան. արիւնը տալ կ’ուզէ «քանի չի մակարդուել»:

Երբ հայ մարդիկ կորսնցուցին Էրզրումը, Կարսն ու Իգդիրը, եւ այդ ալ կռուելով, «Կոտորողներն էր Քեմալ փաշայի` կարմիր աստղ փափախներին կպցրած սպաներ էին, կարմիր աստղ…»: Զարմացան հողի աշխատաւորները եւ հարց տուին.

«Ի՞նչ պատահեց այս հզօր տէրութեան հետ, որ մի Սուրմալու, մի բուռ հողը չի կարող պահել եւ թողնում է թուրքին, ուր երբեք չի եղել թուրքի ոտքը այդ հողին…»:

Այո՛, Իգդիրն ալ պարպուեցաւ, որ Սուրմալու նահանգին մէջ էր: Եւ ի՞նչ Սուրմալու, երբ շրջանին իրա՛ւ անունը՝ հայկականը, Սուրբ Մարի էր: Այդպէս, թուրքը փոխեց տասնեակ հազարաւոր տեղանուններ, կարծելով թէ յաւետ իրեն պիտի պատկանէին իր գրաւած հողերը:

Իգդիրցիները եղած են քաջամարտիկ: Անոնք կռուած են զէն ի ձեռին Օրգովի մէջ, Արհաջի, Էվջիլարի, Սարդարապատի, Ապարանի, Քեշիշքենդի, Թալինի ու Վեդիի մէջ. «Որտեղ որ պէտք եղաւ, որտեղ պէտք էր մեզ` հայերիս բաժին մնացած մի թիզ հողակտորը գոնէ պահելու համար…»:

Իսկ այդ կռուողներուն կեանքը, ճակատագիրը, ինչպէս ըսած եղայ վերը, եղաւ դաժան, երբ զանոնք կնքեցին «մաուզեիստ» անունով եւ ուր որ գտան զանոնք դարձուցին յայտնի ուղեւորները անյայտութեան: Իգդիրը ունեցաւ «մաուզերիստ»ի նշանակութիւն եւ անգիր օրէնքով մը Իգդիր անունը տրւոցաւ մոռացութեան: Իսկ «մոռացումը», տեսակ մը «ապահովութիւն» դարձաւ…

Այնուհետեւ Իսաբեկեանը մանրամասնօրէն կը նկարագրէ իր քաղաքը, անոր փողոցները, ռուսաց եկեղեցին, թուրք-քիւրտ-հայ յարաբերութիւնները, հայկական թատերական ելոյթները երբ ներկայացուցած են «Աշոտ Երկաթ» ու «Քաջն Վարդան», ապա խանութները, անոնց վաճառած ապրանքները` Վանի տառեխէն մինչեւ Սեւանի իշխանը, ռուս չինովնիկները, քաղաքին դերձակներն ու կօշկակարները, երկաթագործներն ու գինագործները, երբ «բնակիչներից ամէն երկրորդը զէնք ունէր», եւ «զինագործներից ամենահնարագէտը Աւագովենց Նիկողոսն էր»: Իսկ Իգդիրի անասնաբոյժը «Ռուսաց եկեղեցու տէրտէր Մեֆոդիի տղան էր, որին առաջին իսկ օրից իգդիրցիք «էշի բժիշկ» անունով կնքեցին, չնայած որ Իգդիրում համարեա թէ էշ չկար, եղածը ձի էր»:

Այլ խօսքով, Իգդիրը քաղաքային կեանքով օժտած էին հայերը. քաղաք, որուն ճամբաները իր բնակիչները կը տանէին Վան, Պարսկաստան, Բայազէտ, Ալաշկերտ, Կարին, Ղարս, Արտահան ու Սարիղամիշ…

Քաղաքը ունեցած էր իր մթնոլորտը եւ ինչպէս քիչ մը ամէն տեղ հոս եւս մարդիկ ունեցած են կպցուած անուններ. Օթելլո Սմբատ, քանի որ Սմբատը խանդի հողի վրայ փորձած էր խեղդել իր կինը, Պիան Առաքել (ռուսերէն պիան` խման), որ խմող էր, Նշխեմ Զաքար, որ կը զարդարէր սնտուկները, կապիկ Ակոփ, ջրտրանենց Յակոբ…

Իրենց քաղաքացիները այս անուններով կոչող իգդիրցիք գտած են նաեւ իմաստը Իգդիր անունին, որ ուրարտերէն չէ, այլ մաքուր հայերէն: Անոնք կը պատմեն որ Նոյ նահապետը Արարատի գագաթէն իջնելէ ետք, առաջին անգամ գտնուելով այս շրջանի հողին վրայ, ինքնիրեն կ’ըսէ. «Արի դու մնա էստեղ եւ…իգի դիր»: Այսինքն` այգի դիր, տնկիր, եւ տեղանքը կոչուած է Իգդիր: Ուրեմն Նոյ նահապետը խօսած է հայերէն… Ահա թէ ինչու, մենք` հայերս, կ’ըսենք թէ խաղողի մշակումը սկսած է Հայաստանէն, թէեւ «Յոյները խաղողի ու գինու մշակումը իրենց են վերագրում, իրենց «Նոյին»՝ Դիոնիսիոսին, իսկ մեր Գրիգոր Մագիստրոսը առարկում է եւ պնդում հին վկայութիւններով, որ հրէական եւ քաղդէական աղբիւրները խաղողի եւ գինու մշակումը վերագրում են Նոյին եւ ճիշդ են անում»:

Իսաբեկեանը կը յիշատակէ նաեւ Մասիսի լանջին գտնուող Ակոռի գիւղը, որուն անունը նախապէս եղած է Արկուռի եւ որ նշանակում է «ուռը, շիըւ տնկիր»: Մէկ խօսքով այգին հազարաւոր տարիներու կեանք ունեցած է հայ հողին վրայ, եւ Իգդիրը եղած է հազարամեայ բնակավայր:

Իր սրբավայրին մասին հետեւեալ եզրակացութեան կու գայ Իսաբեկեանը.

«Մի խօսքով, սիրելիս իմ Իգդիր, քանի կայ քո թիկունքում կանգնած Արարատ սարը, դու կաս, լինելու ես եւ միեւնոյն է, կարեւոր չէ, թէ այսօր ով է շնթռկած քո հողին»:

1914 թուականին Իգդիրը արջ տեսած մեղուի փեթակի կը նմանցնէ այս գիրքին հեղինակը ուր ամէն օր կամաւորներ կը լեցուին, ուր բնակիչները ահազանգի մէջ են: Այդ թուականին, ահազանգի մէջ էին բոլոր այն վայրերը, ուր հայեր կային: Ժողովուրդը, մատնուած էր շփոթի եւ չէր հասկնար եղածը: Բայց երիտասարդութիւնը սկսելով հանկնալ կը զինւէր, քանի որ.

«Եթէ մի ժողովուրդ չի կարողանում, անզօր է իր բախտին տէր կանգնելու, տիրութիւն անելու, տիրութիւն են անում ուրիշները` ով հասնի, ով ինչպէս կարող է, ինչպէս յարմար կը գտնի»:

Բայց ժողովուրդը ունէր իր բնազդը, որ ուղղութիւն կու տար իրեն. ան գիտէր որ.

«Վազող ձիու գլխին չեն խփի, մանաւանդ եթէ հեծեալն էլ անվարժ է…»:

«Եւ այդ դոհուբոհին» մէջ յանկարծ, Ազատ, Անկախ Հայաստան ու.

-Մեր հայրենիք թշուառ, անտէր,

Մեր թշնամեաց ոտնակոխ…

Բայց… ո՛չ, սիրելիս, ոչ թշուառ էր, եւ ոչ էլ անտէր, քանի որ տէրեր ունէր յանձինս իր նախարարների. մի քիչ անփորձ, մի քիչ վարժապետ… Դէհ այդ հանրապետութեան ախար ամէն ինչն էր «մի քիչ», սիրելիս: Մի քիչ հող ունէր, մի քիչ զօրք ու զէնք, մի զրահագնացք` «Վարդան Մամիկոնեան» յորջորջուած… մի քիչ, շատ քիչ հաց եւ շատ որբեր, գաղթած անտուն ժողովուրդ…եւ շա՜տ-շա՜տ թշնամիներ, ինչքան հարեւան` այնքան թշնամի»:

Կրկնուող պատմութիւն: Այդ անցեալը նման չէ՞ մեր այսօրուան պատմութեան: Բայց այսօր կան մարդեր, որոնք չեն ուզեր հասկնալ եղած նորը, զոր բերին գիտութեամբ լեցուած մեր նոր պետութեան ներկայացուցիչները, որոնք լաւ հասկցած են պատմութեան դասը. եթէ  անզօր ես հողիդ եւ ժողովուրդիդ տէր կանգնելու, տէր կը դառնան ուրիշները…

Այս վիպանման վէպին հերոսը Իգդիրն է. եւ հեղինակը, իր ծննդավայրին կարօտէն կայծ առած` կարօտի խարոյկ, խարոյկ որուն մէջ կան թաց ճիւղեր ու տերեւներ, որով խարոյկը կը մխայ եւ այդ կարօտի մուխն է, որ ըսել կու տայ Իսաբեկեանին, կարծես Իգդիրն է, որ խօսք կ’ուղղէ իր զաւակին.

-Հը, հօ չես մոռացի, տես հա՜…

Ահա զաւակներուն պատասխանը.

«Եւ կարեւոր չէ, որ նրանց ստուերներն են ընդամէնը, կարեւոր չէ, նրանք ինձ համար կան. եւ քանի ես դեռ կամ կը լինեն: Եւ կը լինեն հաստատ, քանի որ կը լինեն նրանց թոռներն ու ծոռները եւ թող խմած ջուրը հարամ լինի եթէ նրանք քեզ մոռանան»:

Այս բոլորին մէջ, այս բոլոր դժբախտութիւններուն մէջ, յանկարծ կ’ունենանք Անկախ Հայաստան մը որպէս ամպամած երկինքէն շողացող երիզ մը կապոյտ, բայց զոր կուլ տալ կը փորձէ մեր դարաւոր թշնամին եւ որուն ընդդէմ հայերը կը բռունցքուին իր վերջոյ:

Բայց այս պետութիւնը ո՜վ «ճշմարտութիւն», «իմպերիալիստական» է եղել: Կողոպտուած, որբերու այս երկիրը, գաղթականներով լեցուած, համաճարակներէ հնձուող այս երկիրը, ինքզինք պաշտպանելուն համար կը կոչուի իմպերիալիստական. իսկ ան, որ կ’ուզէր կլլեր մեր վերջին հողի պատառիկը` եղբայր: Դէհ, եկե՛ք, եւ մի խելագարուիք:

Ահա անմիաբանութիւն մը ծայր կու տայ մեր մէջ, որուն ակնարկելով Իսաբեկեանը ցաւով կ’արձանագրէ. «Անբուժելի հիւանդութիւն է դա, ուրիշ ժողովուրդներ չունեն այդ հիւանդութիւնից, «անմիաբանութիւն» է կոչւում. անբուժելի է, վակցինա չունի, հին արմատակալած ախտ է, եւ չեն էլ ուզում բուժւել…»:

Երէկի այս նկարը տեղադրեցէք այսօրուան շրջանակէն ներս: Բայց հզօր բազուկ մը պետք է, որ հակակշռուի սա անմիաբանութիւն կոչուած յելուզակը. եւ կը զսպուի, վկայ այսօրուան մեր պետականութիւնը:

Պարսիկները, կ’ըսէ հեղինակը այս գիրքին, երեք երեւոյթ կը գտնեն ցաւալի եւ անհանդուրժելի. առաջին` երբ ծնող մը իր զաւակը կը թաղէ, երկրորդը` ծեր մարդու աղքատութիւնը, եւ երրորդը` հայրենիք կորսնցնելը:

Իսաբեկեանն ու իր սերունդը ապրեցաւ երրորդ վիճակը: Իսաբեկեանը կորսնցուցած էր իր Իգդիրը: Ու իր ծննդավայրին կարօտը այնքան ահագնացած էր իր հոգիէն ներս, որ երբ կը դառայ հռչակուած գեղանկարիչ, արտօնութեամբ մը կու գայ Արազի ափ, որպէսզի գէթ հեռուէն տեսնէ իր Իգդիրը: Եւ լսելէ ետք այն պատմութիւնը որուն բառերը այնքան սրտաճմլիկ են. «Օձն է նստել բախտիդ վրայ, Սուրմալու, Սուրմալու» կը խորհրդածէ.

«Չյիմարացայ, բայց դարձեալ վտանգաւոր այցելու եւ խնդրեցի, որ վերադառնանք… Քեզ մօտից նայել իսկապէս վտանգաւոր է, Արազ: Եւ ճիշդ են արել, որ փշալարերով անջատել են մեզանից, թէ չի ի՞նչ կլիներ քո ջուրը խմածների վիճակը` քեզ մօտից նայելուց… Պարանովէլ չէին պահի… Ճիշտը փշալարերն են, երեք շարք, արանքներում փխրեցրած, փոցխված հող ոտնահետքերի համար…նապաստակ էլ, մուկ էլ անցնի` կ’երևան հետքերը…»:

Ու կ’աւելացնէ. «Ուրեմն, ամենադժբախտ մարդն աշխարհում պիտի համարուի հայրենիքից զրկուած ժողովրդի զաւակը, որ զրկուած է նաեւ իր հայրենիքի համար մեռնելու, գոնէ մեռնելու իրաւունքից, որին «ապահով» կեանք են ստեղծել փշալարերով եւ զրկել, արգելել անցնելու փշալարերը, կռուելու, ատամներով կախուելու զրկողի կոկորդից, արիւն թափելու իր մորթած, կորցրած հայրենիքի համար, որ արիւնը չմակարդուի, մածուն չդառնայ, չբորբոսնի»:

Ահա թէ, երկրի կրօտը որպիսի՜ եզրակացութեան հասցուցած է հայ մարդը: Այս կարօտը երկիր ծնած մարդու կարօտ է: Քանի՞ սերունդի: Քանի՞: Երբ գիտենք, որ այդ կարօտով հազարաւոր հայեր որպէս կամաւորներ Ամերիկայէն եւ գաղթականի այլ կայաններէն եկան Հայաստան, փրկելու հայ հողը թուրքին ճիրանէն: Իսկ այսօր, ղարաբաղեան ազատագրական պատերազմին, քանի՞ հայեր կը մասնակցին գաղութներէն…

Երկրին կարօտը կը կրկնեմ, քանի՞ սերունդի կարելի է փոխանցել:

Ու եթէ, կը ներէք որ վախնալով ըսեմ ու կրկնեմ, որ առանց վախկոտ ըլլալու վախցողը ես եմ, եթէ կորսուի երկրի կարօտը արտերկրի հայուն հոգիէն ներս… ինչի կը վերածուի այդ մարդը…

Բայց երբ կը գրեմ վերի տողերը, ինծի կը վերադառնայ Իսաբեկեանի հաւատքը.

«Օ՜, զարմանալի եւ անհասկանալի է հայի գոյատեւութեան իմաստը, մարդկային բոլոր ընդունուած օրինաչափութիւններին հակառակ, բանականութեան սահմաններից դուրս, անենթակայ, անբացատրելի «խելքից տուս պան»»:

Դիտենք Իգդիրը դարձեալ ու տեսնենք թէ հայ մարդիկ ինչպէս կ’աշխատին այս քաղաքին մէջ.

«Իսկ գործը միայն քաղելը չէր… խաղողը պիտի տրորուէր, շիրա դառնար, դոշաբ պիտի եփուէր, սուջուխ թաթխուէր, ալանի, չիր ու չամիչ պիտի չորցուէր, խաղողի թուփը թուջերը լցուէին ձմեռուան տոլմայի համար: Հազար ու մի հոգս, համաձայն Բանավշա տատի հազար տարուան բանաձեւի, որ «ամառւան փուշը ձմեռուան նուշնի»: Ամէն ինչ հաւաքելու էր, սկսած «փոզած» հաւաքած բոստանի մանր-մունր ձմերուկներից, սեխերից, դեղնած վարունգներից` մինչեւ դանդուռը… եւ ի՜նչ թթուներ կը դնէ Բանաւշան` հեքիաթայի՜ն…»:

Ահա թէ ինչպիսին էր Իգդիրը:

Այս բոլորով հանդերձ եկէք չմոռնանք Իգդիրի բարբառը, ինչպէս այս օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի պետութիւնը կոչ կ’ընէ պահել ու չմոռնալ Արցախի բարբառը:

Տանք նմոյշներ այս բարբառէն զոր այնքան վարպետօրէն օգտագործած է հեղինակը իր այս կարօտի մատեանին մէջ.

-Տօ, մե տուր է, տուր տսնամ է…

-Ով ծառ չի տնկի, իրա պախի (բահի) խովին կը նստի:

-Անգլիացի ի ախբ, զիբիլ ի ու վերջ:

-Առ, առ, էտի բիբար չի, շայմար օձի կլոխ ի:

-Մէ լից է, լից թասը, բոյիդ մեռնեմ, թէ չէ հաւարը ազիիս կը քցեմ:

-Ի՞նչ ես հոռացիլ, կը կռեմ անգյաճրտ` խելքի կիկյաս:

-Ամենադուզ կնիկը` մանգյաղի չափ ծռութիւն կ’ունենայ:

-Տէր, փառքդ շատ, աւելի պակաս չհամարես:

-Ֆուգոնչի Մճիկը (Մկրտիչը) գինով Առաքելը նկատի ունենալով` վեր նայելով Աստուծոյ կ’ըսէ.

Տու էլ կ’ասես մարթ ես ստեղծի, խա՞…

-Արաղ չխմես թոյնի, իսկ գինին ուժի: Առանց գինու ով կը պարի, որ կ’երգի, կ’ասեն ծուռի:

-Քոնը հիմա սովորելնի:

-Կեանքի տուժանութիւնը սելաւի նման պանի:

-Քյա տղայ, ամօթի, հարեւաններ կը լսեն:

-Մէ ծեր սանդրը տուէք, էսօր բաղնիք ենք էթալի:

Իսաբեկեանը շեշտած է բարբառին կարեւորութիւնը ապրելով զայն կորսնցնելու վախը ու գրած է.

«Օ՜, կը լինի ժամանակ, որ կը փնտռես ու չես գտնի մէկին, որ քեզ ասի.Այ պարով, խազար պարին ես էկի»:

Ու կ’աւելացնէ. «Եւ ինչպէս կարդացիր Խաչատուրի «Վերքը» մի գիշերուան մէջ, մինչեւ լուսաբաց… հաշուեցի՞ր բաղաձայնները, բարբառով է գրուած, չէ՞… Քանի՜ ճեմարաններ արժեն նրա «Վերքը»` չես հաշուի: Դու մեղաւոր չես, մարդուս անգիտութիւնը աւելի խորն է արմատաւորուած, քան իմացութիւնը… իմացութիւնը արմատ չունի, սահման էլ չունի…»:

Իսաբեկեանը բարբառի պաշտպանութենէն կ’անցնի բողոքի ընդդէմ Աստուծոյ. «Եւ գիտես ինչ, սիրելի բարձրեալ, դու լաւ կ’անէիր, եթէ չյիշէիր մեզ, Մասիսի շուաքում ապրողներիս եւ առհասարակ մեզ` հայերիս թողնէիր առանց քո օրհնութեան, մեր կարճ խելքով… Քանի որ դու հայի համար միշտ մոռացել ես, որ ականջ ու աչք ունես, իսկ թէ ինչ ես ունեցել` այդպէս էլ չիմացանք քեզ, երկու հազար տարի էշի համբերութեամբ, եզի կողով, հաւատացեալի անհաւատալի հաւատով հաւատացողներս, Տէր Մեստրոպի գովական Գրիգոր Լուսավորչի պատգամներով, խոնարհութեամբ ապրողներս…ամմէն»:

Պետրոս Դուրեանի բողոքին նմանակը:

Ապա, Իսաբեկեանը կը խօսի Սարդարապատի լինել-չլինելու գուպարին մասին, ուր հայը իր աշխարհազօրայիններով, զէնքը ձեռքին, կրակով հաստատեց` լինե՛լ:

«Գարեգինը ժառանգ չունեցաւ, սպաննուեց Հայթաղթում, Սարդարապատի տակ…»:

«Հայրոյի միակը, Ռուբիկը, սպանուեց Դնեպրի մօտ, 18 տարին նոր բոլորած…»:

«Ոչ ոք յետոյ չյիշեց` ում որտեղ թաղեցին Սարդարապատի դաշտում: Գոնէ եղբայրական գերեզմաններ մնային, հողի մեծ թմբեր, բլրանման բան…Չկայ, Սարդարապատի դաշտում կարծես կռիւ չի եղել, մարդ չի զոհուել…Աւազուտներ են, աղուտներ, փուշ ու տատասկով ծածկուած, ոչ մի գերեզմանի հետք…Որտեղ թաղեցին այդքան զոհուածներին, Տէր Աստուած, դու էլ չտեսա՞ր…»:

Իսաբեկեանը վերջին աստիճանի դրական կերպար ներկայացուցած է Տէր Մեսրոպը, որուն համար կոմսոմոլի աղջնակ մը իրենց դռան վրայ գրած է` տէրտէրներուն մւոտքը արգիլուած է: Նոյն աղջնակը կ’արգիլէ իր մեծ մօր որ աղօթէ կամ եկեղեցի երթայ:

Երեւակայել կարելի՞ է Տէր հօր եւ այս տատիկին վիճակը:

Եւ ճիշդ չէ՞ հեղինակին հետեւեալ մտածումը.

«Երբ է հողի աշխատաւորը, հողին կպած մարդը թողել հողը` մինչեւ դանակը ոսկորին չի հասել… Գնացողները հողի մարդիկ չէին»:

Յիրաւի, սա դաժան պայմաններու տակ, որուն ենթարկուած է մեր հայրենիքը, դարձեալ մեկնողները հողի մարդիկը չեն, մինչեւ հեռաւոր ափեր:

Յիշեցէք մեր գրողներէն Սմբատ Փանոսեանի «Ինքզինքը ողջ-ողջ խորովեց» պատմուածքը իր 1946ին հրատարակած «Անարձագանք քայլեր» գիրքէն: Պատմուածքին հերոսը չմիացաւ ներգաղթի կարաւանին, Քեսապի մէջ ինքզինք այրեց, քանի որ հողի մարդ էր, եւ Քեսապը իր հայրենիքն էր: Ուրիշ է հողի մարդը:

Իսաբեկեանը ո՛ր կողմ ալ դառնայ, ինչ ալ գրէ, ր կուրծքէն ժայթքողը մղկտող մըն է.

«Դու ասա, սիրելիդ իմ Իգդիր, ինչի՞ է նման, ում է պէտք էն մարդը, որ չի կարող նախնիների շիրիմին այցելութեան գնալ…»:

Երազին մէջ անգամ, միշտ, իր տեսածը Իգդիրն է: Եւ այն աստիճան, որ յաճախ, երազին մէջ, բարձրաձայն կը խօսի իր ծննդավայրին հետ:

Ու ահա, օր մըն ալ խօսելով Սիպիր աքսորուած ու վերադարձած Սուրէն Սուքիասեանին մասին, որ բոլորած ըլլալով հանդերձ իր 85 տարին, զարմանալիօրէն ամրակազմ է ու առողջ, Իսաբեկեանը կը գրէ.

«Օ՜, այդ փոքրամարմին, ջլուտ հայերը, ի՜նչ անբացատրելի զօրութիւն ունեն կեանքի քմահաճոյքներից չընկճուելու եւ դեռ հեգնանքով ընդունելու, իրենց բաժին հասած դաժան փորձութիւնները: Կա՞մք է, թէ՞ ոգի: Երեւի եւ մէկը եւ միւսը: Եւ ճշմարիտը` դէպի հայրենի հողը սահման չունեցող սէրն է եղել նրանց պահապան»:

Տակաւին` «Էս մի բուռ ժողովրդի ամէն երրորդը կռիւ գնաց»:

Այսքանով չի վերջանար` «Իսկ մենք, մենք էլ «դոնոր» ենք, երբ արեան պէտք ունենան` կը յիշեն որ կանք…»:

Արիւնով քանդակուած միտքեր:

Տակաւին, այս գիրքին մէջ վկայութիւններ կան ոչ միայն հեղինակին համաքաղաքացիներուն, այլ նաեւ վանեցիներու մասին: Ահա երկու պարբերութիւն այդ վկայութենէն, ուր շատ աւելի նիւթ կը գտնէք, քան երբեմն մեծածաւալ վէպի մէջ.

«Մենք վանեցիների, Վասպուրականի ժողովրդի նման լրջմիտ, խելքը, առաջին հերթին` խելքը գլխին ժողովուրդ չենք ունեցել: Տասը չափել նոր կտրել` մի բան անելու համար եւ կ’անեն` համոզուած, վերջնական եւ յաջողութեամբ: Չլինէին Երեւանում վանեցիք, ո՞վ պիտի հագցնէր` գոնէ ներկած բամբակ «քեաթանով», կտաւով հազարաւոր տկլոր, ցնցոտիների մէջ ծուարած գաղթած ժողովրդին…»:

«Ջուլհականոցներ բացեցին, գործարաններ, օճառի, լուացքի օճառի, որ չքւել էր, գոյութիւն չունէր, եւ անիծի, ոջիլի մէջ կորած ժողովուրդը, որ գլուխ էր լուանում կանաչ` «գիլ» կոչուող ու քացախով, օճառի տէր դառաւ: Ոսկորից, պոպոքի ամուր փայտից` ատաղձագործները սանրեր պատրաստեցին էժան ծախեցին, եւ անիծի մէջ կորած գլուխներին սանր կպաւ…»:

Ինծի կը թուի թէ ոչ մէկ վէպ իր անունը կ’արդարացնէ այնքան, որքան այդ «Իգդիր» խորագրեալ վէպը, որուն իւրաքանչիւր էջէն, պարբերութենէն, նախադասութենէն, բառերէն ու տառերէն տարօրէն ընթերցողին կը մատուցուի անցեալի իրականութիւն, ներկայի երազ ու գալիքի ժառանք` Իգդիրը, որ քաղաք մը չէ լոկ, որ հայրենիք է, որ մշակոյթ է, որ ծնած է գրագէտներ ու հերոսներ, ազգին տալով Ահարոնեանը, Դրօ Կանայեանը, Էդ. Թոփչեանը, Էդուարդ Իսաբեկեան գեղանկարիչն ու գրագէտը, որ իր Իգդիրով, մեր հոգիներուն արդէն բոցահարուստ հնոցին մէջ, կարօտի նոր կրակներ աւելցուցած է, որպէսզի այդ կրակներով մեր կարօտին տիրանանք, որպէս իրաւ ժառանգորդները մեր հողին, մեր դարերու գումար` անցեալին:

Եւ կը պատահի անխուսափելին: Հեղինակին հայրը`Հմայեակը, մահամերձ է, բայց.

«Հալա ու՜ր ես, հալա Իգդիր կայ, Իգդիր պէտք է գնանք քեզ հետ… Այ որ չտեսնեմ Իգդիրը, շուտ մեռնեմ… էն վախտը հէչ լաւ չի ըլի… մեռնելը կը տժուարանայ մէ քիչ… «մէ քիչ»…ասում է, «մէ քիչ»: Լսու՞մ ես, սիրելիդ իմ Իգդիր, «մէ քիչ» է ասում, բայց իմացիր, որ դրա սէրը, հաւատը քո նկատմամբ իր մաթեմաթիկոս թոռն էլ չի կարող հաշուել` հաշուող մեքենայի օգնութեամբը թէկուզ…»:

Ու կ’աւելացնէ տակաւին. «Մեր անյայտ գրիչներից մէկը մագաղաթի վրայ «փորագրել» է. «Սէր Կատարեալի, բայց մերժէ զերկիւղ», դրա համար էր ժպտում երևի. նրա սէրը դէպի քեզ, սիրելիդ իմ Իգդիր, անչափելի էր, առաւել քան կատարեալ էր, եւ երեւի դէպի քեզ է սաւառնում արդէն` հրեշտակների կամ արագիլների հետ իր երանելի ժպիտը երեսին…»:

Այս բազմախօսութիւնը որ վէպ կոչուեցաւ հեղինակին կողմէ, մէկ քանի վէպեր խտացնող այս գործը իր գրաւոր աւարտին հասած է մենախօսութեամբ մը, որ վանկարկուող երդում կրնայ դառնալ իւրաքանչիւր հայու բերնին, այնքան ատեն որ մեր դատը կը մնայ անլոյծ, խուլ աշխարհի մը փակ ականջներէն չլսելու դատապարտուած:

Այդ խուլ ականջները բանալու ծանր պարտականութիւնը մեր ուսերուն կը ծանրանայ ի տուունջեան եւ ի գիշերի, ականջներ, որոնք հեռուներէն իսկ կը լսեն գլգլոցը նաւթին, բայց խուլ կը ձեւանան ազգի մը սպանդին դիմաց…

Ահա թէ ինչու Իսաբեկեանը իր վէպին վերջերգը մենախօսութեամբ մը վերածեր է երդումի, այսպէս.

«Եւ սեփական անկարողութեան դառնութիւնը ճաշկելուց յետոյ, խոնարհուելով մինչեւ հողը քո առաջ, քո սուրբ անունի առաջ, սիրելիդ իմ Իգդիր, խնդրում եմ մեծահոգի գտնւես իմ այս անվարժ շարադրանքի նկատմամբ, առաւել քան քո իսկ օգնութիւնը չարդարացնելու համար»:

«Եւ պատճառւ վերջին քո հանգիստը խանգարելու, սիրելիդ իմ Իգդիր, այն քար անտարբերութիւնն էր քո նկատմամբ, որից կարող է աղբիւրը ցամաքել, հացը կուլ չգնալ, արիւնը լերդանալ երակներում նրանց, որոնց երջանկութիւն էր վիճակուել ծնուելու քո հողածածկ կտուրների տակ»:

«…Իսկ եթէ չի մնացել այդ կաթիլն էլ, կամ մակարդուել է, սպիտակել լինելու բան չէ: Դու էլ չհաւատաս, սիրելիդ իմ Իգդիր, դու ամէն օր արեւածագին նայիր Արազի կողմը, դէպի Մարգարայի կամուրջը, աւելի հեռուն, դէպի Սարդարապատ, ուշիմ եղիր, զանգեր են ղօղանջելու, կախւած են բարձր սիւների վրայ եւ կը ղօղանջեն մի օր, ինչպէս հրացանը պատից կախ, որ պիտի պայթի, եթէ բլթակը չքաշեն անգամ, կը լսես եւ կը տեսնես պատանիների` հագած-կապած, որ անցնելու են Արազը եւ դիմեն դէպի Լեառը մօտի…»:

Այո՛, արցունքով կը կարդացուի կարօտի այս գիրքը:

Իսաբեկի որդի Հմայեակը գնաց…Իգդիրը երազելով:

Իսաբեկի թոռ, Հմայեակի որդի Էդուարդ Իսաբեկեանը թէեւ «հագած-կապած» Արազը չանցաւ, բայց իր այս գիրքով մեզի վերադարձուց իր հողը զէնքով պաշտպանել գիտցող ու ամէն օր Նոյ Նահապետի Լեռնէն իջնող ճամբուն նայող, Մարգարայի կամուրջը պահող` Իգդիրը:

Քիչ է, շատ քիչ քեզի շնորհակալութիւն յայտնելը մեծ Պապ Էդուարդ Իսաբեկեան, մեր պատմութիւնը գեղանկարող վրձինի վարպետ, քու այս գրիչի վարպետութեանդ պտուղ բոցարծարծ «Իգդիր»իդ համար, մեր հոգիներուն խորը կարօտի անմար մորենիներ անթրոցելուդ համար:

Հալէպ, 20 դեկտեմբեր, 1994

Թ.Թորանեան

 

 

 

Leave a Reply

Ձեր էլ-փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *-ով